2015-02-18 10:33:56

''Ընտանիքը` եղբայրները'', Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հրապարակային ունկնդրութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 18 փետրուար 2015-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն, ու այս առթիւ անոնց արտասանած իր ճառին մէջ, շարունակելով Ընտանիքի մասին խորհրդածութիւնները, խօսքը կեդրոնացուց ''եղբայրներ'' նիւթին վրայ։

Եղբայր եւ քոյր բառերը – ըսաւ Քահանայապետը – քրիստոնէութենէն շատ սիրուած բառեր են որ բոլոր մշակոյթներու եւ բոլոր ժամանակներու ընթացքին հասկնալի են։
Եղբայրական կապը, կազմուած ընտանիքին մէջ, յատուկ տեղ կը գրաւէ Աստուծոյ ժողովուրդին պատմութեան մէջ։ Ընտանիքը եղբայրութիւնը կը ներկայացնէ աշխարհին, եւ երբ ան կազմուի դաստիարակչական եւ ուրիշի հանդէպ բացուածքի միջավայրի մը մէջ, կը հանդիսանայ դպրոց` ազատութեան եւ խաղաղութեան։
Օրհնութիւնը զոր Աստուած, Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ, կը վերապահէ այս եղբայրական կապին, զայն կը դարձնէ կարող գերազանցելու ազգութեան, լեզուի, մշակոյթի եւ նոյնիսկ կրօնի տարբերութիւնները։ Երեւակայեցէք ի՞նչպիսի յարաբերութիւն կը ստեղծուի մարդոց միջեւ, նոյնիսկ իրարմէ տարբեր, երբ անոնք միւսին կարենան ըսել` ''Ան եղբօր նման է ինծի համար'', յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը, մատնանշելով Ընտանիքի մէջ եղբայրութեան ցոլացումին որ կը յայտնուի բարութեան, ջերմութեան, համբերութեան եւ սիրոյն մէջ, որով կը շրջապատուին աւելի տկար եղբայրներն ու քոյրերը, հիւանդ եւ կամ հաշմանդամ։
''Քեզ սիրող եղբայր կամ քոյր ունենալը ուժեղ, անգին եւ անփոխարինելի փորձառութիւն մըն է'' ըսաւ Սրբազան Հայրը հաստատելով թէ` ''նոյնը կը պատահի նաեւ քրիստոնէական եղբայրութեան ներքոյ''։
Ամենափոքրերը, ամենէ տկարները եւ ամենէ աղքատները մեր սրտերը կը բանան ու զանոնք պէտք ենք սիրել ու յարգել Տիրոջ խօսքին եւ օրինակին համաձայն – ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը ու հրաւիրեց պահ մը լրութիւն պահել եւ աղօթել մեր եղբայր ու քոյրերուն համար, մտքով եւ սրտով Ան ապա խօսքը եզրափակեց հաստատելով թէ ''Այսօր աւելի քան երբեք հարկաւոր է եղբայրութիւնը ընտրել ընկերութեան որպէս կեդրոն` որպէսզի ազատութիւնն ու հաւասարութիւնը եւս իրենց պատշաճ տեղը կը գրաւեն'' հուսկ ու յորդորեց չկորսնցնել յոյսը` հաւատքի աչքերով նայելու եղբայրութեան երեւոյթին եւ փորձառութեան, որ լուսաւորուած եւ օրհնուած է Աստուծմէ։







All the contents on this site are copyrighted ©.